Յունական Վերիա ակումբին 18 տարեկան բերդապահ Սթելիոս Մարքուսիս մահացաւ փորձերու ընթացքին, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Բերդապահը, որ վերջերս միացաւ հիմնական կազմին, փորձերու ընթացքին ինքզինք անհանգիստ զգալով կորսնցուցած է գիտակցութիւնը:
Թէեւ ան անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չկրցան փրկել անոր կեանքը:
Նախնական տուեալներով, անոր մահուան պատճառը եղած է սրտի կաթուածը, կը յայտնէ ArmSport.am: