Թենիսի Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանին ՌաֆայԷլ Նատալ պարտուեցաւ իտալացի Ֆապիօ Ֆոնինիէն (2-3): Այսպիսով, Նատալ կորսնցուց 2015 թուականի չորրորդ եւ վերջին «Մեծ սաղաւարտ» մրցաշարքը: Այս տարուան ընթացքին սպանացին անյաջողութեան մատնուած էր նաեւ Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան, «Ռոլան Կարոս»-ի եւ «Ուիմպլտըն»-ի մէջ:
Նատալ վերջին անգամ մէկ մրցաշրջանի ընթացքին «Մեծ սաղաւարտ»-ի մրցաշարք չէր յաղթած 2004 թուականին: