7 սեպտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Դանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ նորվեկիացի Սվէյն Օտտվար Մոյեն, իսկ անոր օգնականները բնականաբար դարձեալ Նորվեկիայէն պիտի ըլլան:
22 յունուար 1979-ին ծնած Մոյեն իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 1995-ին: