«Էն. Պի. Էյ.»-ի «Մինեսոթա Թիմպերվուլվզ» խումբը կը մտադրէ փոխանակել խումբի խաղարկութիւնը կառավարող մարզիկը` Ռիքի Ռուպիոն: «Գայլերու» ղեկավարութիւնը եկած է այն եզրակացութեան, որ ապագային խումբը պէտք է այլ թիւ մէկ ունենայ: Ներկայիս ակումբը չի քննարկեր 24-ամեայ սպանացիին փոխանակումը, սակայն կ՛ուզէ այդ հարցին վերադառնալ յառաջիկայ մրցաշրջանի ընթացքին: