Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն յոյս ունի իր մասնակցութիւնը բերելու 2018-ի մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ:
Փորձառու բերդապահը կ՛ըսէ, որ իր տարիքը երբեք արգելք չի հանդիսանար իրեն, որ մրցումի մասնակցի:
28 յունուար 1978-ին ծնած Պիւֆոն, որ այժմ 37 տարեկան է, կ՛ըսէ, որ յոյս ունի մասնակցելու 2018-ի մոնտիալին, թէեւ իր տարիքը չի կրնար իրեն թոյլատրել ապագայի գծով ծրագիրներ մշակել:
Սակայն անկէ առաջ ան կը փափաքի լաւ մարզավիճակի մէջ գտնուելով մասնակցիլ Եուրօ-2016-ի: