Քլովիս Աքոսթա Ֆեռնանտեզ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին ամէնէն շատ ճանչցուած համակիրն է, մահացաւ 60 տարեկան հասակին, յայտնեց պրազիլական մամուլը:
Քլովիս Աքոսթա 7 մոնտիալներու ընթացքին Պրազիլի կատարած մրցումներուն ներկայ գտնուած է, 150 մրցումի հետեւած է թրիպիւնէն` 60 տարբեր երկիրներու մէջ:
Վերջին 9 տարիներուն ան կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ: