Միացեալ Նահանգներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (WNBA) 2015-ի լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Շիքակօ Սքայի մաս կազմող Ելենա Տելլէ Տոնն, որ քուէարկութեան մասնակցած 39 լրագրողներէն 38-ին ձայնը ստացաւ:
26 տարեկան Էլենա, ախոյեանութեան մրցումները աւարտեց միջին հաշիւով` մէկ մրցումի ընթացքին նշանակելով 23,4 կէտ, 8,4 ռիպաունտ եւ 1,4 էսիսթ:
Մէկ ձայն ստացաւ Մինեսոթայի մաս կազմող Մայա Մուր, որ նախորդ տարի ստացած էր այս տիտղոսը:
3-րդ դիրքը գրաւեց Թինա Չարլզ (Նիւ Եորք):