Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Նոթրը Տամ – Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին մէջ սկսաւ Պէյրութի ճատրակի միջազգային 8-րդ մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին 84 ճատրակ խաղացողներ:
2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք յառաջատարները բազմաթիւ են` նկատի ունենալով, որ շատեր արձանագրած են երկու յաղթանակ:
Յառաջատարներուն կարգին են հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան եւ Լիբանանի ու արաբական աշխարհի նախկին ախոյեան, միջազգային վարպետ Քնարիկ Մուրատեան:
Նշենք, որ մրցումներուն հսկող իրաւարարներուն կարգին է Էլի Հուլիշեան: