
PROFOTO
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր, Չինաստանի մէջ:
Իր տուած յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի մեկնին Չինաստան:
Այդ մարզիկներն են` Ժան Ապտել Նուր (խմբապետ), Ամիր Սէուտ, Մոհամետ Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Ժոզեֆ Ապի Խարաս, Ահմետ Իպրահիմ, Նատիմ Սուէյտ, Ռոտրիք Աքլ, Շարլ Թապեթ, Պասել Պաուժի, Օմար Այուպի եւ Ճէյ Եանկպլատ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Նատեր Պասմէ (նախագահ), Մարուն Ժըպրայել (պատասխանատու եւ ազգային խումբերու տնօրէն), Ժորժ Քըլզի (խումբի տնօրէն), Վասելին Մաթիչ (մարզիչ), Մարուան Խալիլ (օգնական մարզիչ), Գրիգոր Գրիգորեան (թեքնիք պատասխանատու), Խալիլ Նասսար եւ Ֆուատ Ժըրժես (բժիշկներ), Միշել Խալիլ (գումակային աշխատանքներ), Մարուան Էկօ եւ Ռապպահ Նըժէյմ (միջազգային իրաւարարներ):
Մարզիկներուն եւ ներկաներուն իր ուղղած խօսքին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ անցեալի սխալները պէտք է մոռնալ եւ դէպի ետեւ չնայիլ: Ամէն ճիգ պէտք է թափել յաջողութեան հասնելու համար, որովհետեւ բոլորին նպատակը պէտք է ըլլայ լաւ արդիւնք արձանագրել եւ տիրանալ Ասիոյ ախոյեանութեան տիտղոսին:
Օրինակելի նախաձեռնութիւն մը ունենալով` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա, որ ներկայ էր այս միջոցառումին, յայտարարեց, որ Ասիոյ ախոյեան հանդիսանալու պարագային ազգային խումբի իւրաքանչիւր մարզիկ «Մայք Սփոր»-էն պիտի ստանայ 5 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը: