
Երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը իր երկրորդ ճակատումը կատարեց Մոլտովայի դէմ:
Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտուած էր նոյնինքն Մոլտովայէն, երէկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց անոր:
Մրցումին միակ կոլը փենալթիով նշանակեց Դաւիթ Մարտիրոսեան, 57-րդ վայրկեանին: