Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ներկայ դրութեամբ կը հանդիսանայ փորթուգալեան Մարիթիմոյի ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստը, կը յայտնէ TotalFootball.am:
«Ռեքորտ» կայքը կը հաղորդէ, որ նոր պայմանագիրով Ղազարեանի հրաժարագինը կը կազմէ 10 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան ցարդ տեղի ունեցած 4 մրցումներուն բոլորին ալ մասնակցելով, Ղազարեան դարձած է 2 կոլի հեղինակ: