Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ա. Էս. Ռոմայի դէմ կատարուած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»), թէեւ իր կազմին հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն ան յաջողեցաւ կտրել Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի հաստատած մրցանիշը:
Մեսսի, որ իր 100-րդ մրցումը կատարեց այս մրցաշարքին գծով, դարձաւ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (28 տարեկան, 84 օր), որ այսքան մրցում կը կատարէ:
Նախապէս ատիկա իրագործած էր Ռաուլ Կոնզալես (28 տարեկան, 239 օր):
Մեսսի, որ այս մրցաշարքին ծիրին մէջ իր առաջին մրցումը կատարեց 2004-ին, 100 մրցումի ընթացքին նշանակած է 77 կոլ եւ դարձած 22 կոլի փոխանցման հեղինակ: