Պարսելոնայի միջնապահ Ռաֆինիա Ալքանթարա, որ նախանցեալ օր Ա. Էս. Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») դաշտ ներկայանալէ մէկ վայրկեան ետք վիրաւորեց իր աջ ծունկը` բախում ունենալէ ետք մրցակից կազմի միջնապահ Ռատժա Նայնկոլանի հետ, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան:
Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պրազիլցի միջազգային մարզիկ Ռաֆինիա Ալքանթարա վեց ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Նշենք, որ Ռաֆինիա կրտսեր եղբայրն է միջնապահ Թիակօ Ալքանթարայի, որ մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխի: