Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ եւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս 2-էն 3 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ռամոս Շախտիոր Տոնեցքի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ Ռէալ Մատրիտի կատարած մրցումին վիրաւորեց իր ուսը:
Ֆութպոլիստը լաւապէս ինքզինք վերագտնելու համար պէտք ունի 10 օրէն 3 շաբթուան ժամանակամիջոցի մը: