Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Նախագահի Թեկնածուն 15 Տարիով Հեռացուեցաւ Ֆութպոլէն

«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 63 տարեկան հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկ-Ժունի 15 տարիով արգիլուեցաւ զբաղիլ ֆութպոլով: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան չի կրնար մասնակցիլ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Հետաքննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ ան կաշառք առաջարկած է ՖԻՖԱ-ի մէկ յանձնախումբին: 2010-ին ՖԻՖԱ-ի նախկին փոխնախագահը խոստացած է, որ 777 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում...

Ուալիտ Նասսար` «Ինսայտ Կէյմ»-ին Այսօրուան Հիւրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար այսօր` չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, հիւրը կ՛ըլլայ մարզական լրագրող Ղայեաս Տիպրայի, որ մարզական «Ինսայտ Կէյմ» յայտագիրը կը ներկայացնէ «Էլ. Պի. Սի.»-էն: Ուղղակիօրէն պատկերասփռուող այս յայտագիրը կը սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Ֆետերասիոնին նախագահը պիտի անդրադառնայ լիբանանեան պասքեթպոլը յուզող հարցերուն, եւ ի մասնաւորի` Լիբանանի ազգային խումբին եւ օտարական մարզիկներուն:

Պասքեթպոլ. Պրայընթի Առաջին Մրցումը` 9 Ամսուան Բացակայութենէ Մը Ետք

Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ իր ստացած ծանր վնասուածքէն ետք նախանցեալ օր կատարեց իր առաջին մրցումը: 37 տարեկան ամերիկացին նախորդ 21 յունուարէն ի վեր դուրս չէր եկած մրցադաշտ: Ան Եութա Ճեզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր տարեշրջանի նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, դաշտ ներկայացաւ 12 վայրկեան` նշանակելով 5 կէտ:

Անտըրլեխթի Բերդապահը Զսպեց… 3 Փենալթի

Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի Անտըրլեխթ - Մեքըլեն մրցումը թէեւ աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, սակայն Մեքըլենի բերդապահ Ժան - Ֆրանսուա Ժիէ եղաւ իր ակումբին եւ մրցումին աստղը, որովհետեւ ան մեծ վարպետութեամբ յաջողեցաւ զսպել Տենիս Փրաթի, Սթեֆանօ Օքաքայի եւ Եուրի Թիլեմանսի հարուածած երեք փենալթիները` յաջորդաբար 7-րդ, 14-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն: 36 տարեկան Ժիէ նախորդ ամրան Քաթանիայէն տեղափոխուեցաւ Մեքըլեն:

5-րդ Անգամ Ըլլալով` Պէյլ Կալեսի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ «Սքայ Սփորթց» տեղեկացուց, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ ընտրուեցաւ Կալեսի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: 26 տարեկան Պէյլ 5-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) կը տիրանայ այս տիտղոսին: Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պէյլ 8 մրցումի ընթացքին նշանակած է 6 կոլ, իսկ Ռէալ Մատրիտի հետ 48 մրցումի ընթացքին ան նշանակած է 17 կոլ:  

Տարբեր Յայտարարութիւններ` Քլոփի Յաջորդ Ակումբին Մասին

Անգլիական շարք մը լրատուամիջոցներ տարածեցին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Պորուսիա Տորթմունտի նախկին մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ պիտի ըլլայ Լիվըրփուլի յաջորդ մարզիչը: Ըստ անոնց, գերմանացին 3 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ անգլիական ակումբին հետ: Միւս կողմէ, իտալացի յայտնի լրագրող Թանքրետի Փալմերի հաղորդեց, որ Քլոփ ոչ թէ կ՛ուզէ Լիվըրփուլի մարզիչը ըլլալ, այլ` Պայէրն Միւնիխի: Կը խօսուի նաեւ երրորդ տարբերակի մը մասին, ըստ որուն, Քլոփ...

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ…

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Շափեքոյենսէ - Փալմէյրաս մրցումին անսովոր դէպք մը տեղի ունեցաւ, կը յայտնէ «Սամպա ֆութ»-ը: Մրցումին 15-րդ վայրկեանին, օրուան կեդրոնի իրաւարար Ժայիլսոն Մասետու Ֆրէյթաս կարմիր քարտ մը տուաւ հիւր կազմին յետսապահներէն մէկուն` Էտիկուիին: Կարմիր քարտ ստացող մարզիկը դաշտէն վտարուելով ուղղուեցաւ հանդերձարան: Սակայն զարմանալիօրէն, իրաւարարը փոխելով իր միտքը կանչեց Էտիկուիի, որ մրցումը շարունակէ: Պաշտօնական...

Չաւի Կ՛ուզէ Վերադառնալ Պարսելոնա

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Չաւի, որ այժմ հանդէս կու գայ Քաթարեան Սատ խումբին հետ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ սկսած է մարզիչի դասընթացքներու հետեւիլ: Ան ըսաւ, որ մտադիր է օր մը վերադառնալ Պարսելոնա:  

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Վարչութեան 80-Ամեակ.  Պասքեթպոլի Եւ Փինկ Փոնկի Մրցումները  Տեղի Ունեցան Մեծ Խանդավառութեամբ

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Վարչութեան 80-Ամեակ. Պասքեթպոլի Եւ Փինկ Փոնկի Մրցումները Տեղի Ունեցան Մեծ Խանդավառութեամբ

PROFOTO Կիրակի 4 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի 80-ամեակին առիթով եւ վաստակաշատ մարզիչ Միհրան Արզումանեանի` Մինոյի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան մարզիկներուն եւ Լիբանանի վեթերան աստղ մարզիկներուն միջեւ: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական, Լիբանանի Շրջանային եւ քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու...

Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Ապահովեց 2016-ի Ասիոյ Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Նախորդ շաբաթավերջին Քուալա Լամփուրի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Լիբանանի յաղթանակով: Վերջինս յաջորդաբար պարտութեան մատնեց Յորդանանը (5-2), Պահրէյնը (6-2) եւ Սէուտական Արաբիան (5-2): Լիբանան (Ա. խմբակ) այսպիսով առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց 2016-ի Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ փետրուարին` Ուզպեքիստանի մէջ: Այս խմբակէն Լիբանանի միացաւ նաեւ Յորդանան: Իսկ Բ. խմբակէն իրենց տոմսը ապահովեցին Քաթար եւ Իրաք:

Ծանրաբարձութիւն. Մարզպետ Մինասեան` Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Քլայպեթա (Լաթվիա) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Մարզպետ Մինասեան (56 քկ) յաջողեցաւ Հայաստանին ապահովել պրոնզէ մետալ մը` 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ: Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ երկամարտին Մինասեան յաջողեցաւ բարձրացնել 227 քկ (107+120): Նշենք, որ անկէ 7 քկ-ով ետ մնաց Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Դաւիթ Դաւայեան:  

Արտակ Օսէեան Հրապարակեց Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականին Կազմը

9 հոկտեմբերին Պուլկարիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Պուլկարիա - Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նախապատրաստուելու համար այդ մրցումին, հաւաքականը 5-7 հոկտեմբերին մարզական հաւաք կը կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: 7 հոկտեմբերին հայրենի կազմը կը մեկնի Պուլկարիա: Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան Պուլկարիոյ հաւաքականին հետ այդ մրցումին...

Կէսմարաթոնի Վազքի Մրցում.  Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Կէսմարաթոնի Վազքի Մրցում. Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 4 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ 2015-ի կէսմարաթոնի վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ 250 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ, որոնք անդամակցած են ֆետերասիոնին: Կէս մարաթոնին ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրէն` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանիի եւ ֆետերասիոնի անդամներ Սալահ Ֆարրանի եւ Ուասիմ Հաուլիի: Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու...

Ատվոքաաթ Պաշտօնազրկուեցաւ

Խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես, Սանտըրլենտի պատասխանատուները պաշտօնանկ ըրին անոր մարզիչը` Տիք Ատվոքաաթը, որ իր մարզիկներուն հրաժեշտ տալէ ետք վերադարձաւ իր հայրենիքը` Հոլանտա: Ցարդ յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ 68 տարեկան Ատվոքաաթը: Ըստ Mirror.co.uk-ի, կը կարծուի, որ անոր պիտի յաջորդէ անուանի նախկին ֆութպոլիստ Փաթրիք Վիէյրա, որ այժմ Մանչեսթըր Սիթիի երիտասարդական խումբին մարզիչն է:  

Խոաքին Պօղոսեան Կերտեց Սերրոյի Յաղթանակը

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սերրօ իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փլացա Քոլոնիան: Այս հանդիպումին միակ կոլը նշանակեց ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան: Այսպիսով, 28 տարեկան Պօղոսեան նշանակեց իր առաջին կոլը` Ուրուկուէյի ախոյեանութեան ներկայ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Եւ Շիրակ Մօտեցան Ալաշկերտի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գանձասար - Կապանի հետ: Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ Փիւնիկ եւ Շիրակ անոր հետ իրենց ունեցած կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնեն միայն մէկ կէտի` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Բանանցի (1-0) եւ Ուլիսի (1-0): Փիւնիկի կոլը նշանակեց Լեւոն Հայրապետեան (70-րդ` փենալթիով), իսկ Շիրակի կոլը` Դաւիթ Յակոբեան...

Իրանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Խումբին 8 Մարզիկները Տղամարդ Են

TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական ներկայացուցիչը Մոտթապի Շարիֆի յայտնած է, որ երկրին աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն 8-ն իրականութեան մէջ տղամարդ են: «Հաւաքականին 8 մարզիկները իրականութեան մէջ տղամարդ են, որոնք սեռափոխման վիրահատութեան ենթարկուած են», ըսած է ան: Ան անոնց անունները չէ նշած, այլ բաւականացած է ըսելով, որ անոնցմէ մէկ քանին նախապէս հանդէս եկած է...

Լիթուանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Արշակեան Նշանակեց Իր 20-րդ Կոլը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թրաքայ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սուտուվայի: Թրաքայի կազմէն հանդիպումին մասնակցեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան, որ 41-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ` արդիւնքը վերածելով 2-0-ի: Արշակեան, որ 86-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ, այսպիսով նշանակեց իր 20-րդ կոլը` այս ախոյեանութեան գծով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թրաքայ...

Շաբաթավերջի Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլի Մարզիչը Պաշտօնազրկուեցաւ Արսենալ, Պայերն Միւնիխ, Փ. Ս. Ժերմեն Յաղթական Փենալթիներով Հարուստ Շաբաթավերջ

Անգլիա Լիվըրփուլ - Էվըրթըն մրցումէն (1-1) քանի մը ժամ ետք յայտարարուեցաւ, որ Լիվըրփուլի մարզիչը` Պրենտըն Ռոճըրզ պաշտօնազրկուած է: Սանտըրլենտի մարզիչ Տիք Ատվոքաթ ներկայացուց իր հրաժարականը: Չելսիի ձախող խաղերը կը շարունակուին: Լոնտոնի մէջ իր դաշտին վրայ կրած պարտութենէն ետք, Մորինիօ կրկին յոխորտաց, որ ինք Չելսիի պատմութեան լաւագոյն մարզիչն է: Մորինիօ նաեւ յայտարարեց, որ իրաւարարները Չելսիի կը զլանան փենալթի, մինչ խաղին տեսագրութիւնները...

Հայկական Մարզական Բանակը Կ՛արշաւէ.  Բռնցքամարտ

Հայկական Մարզական Բանակը Կ՛արշաւէ. Բռնցքամարտ

Սիւզի Կենտիկեան 35-դ Յաղթանակը Տօնեց Շաբաթ գիշեր Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ  բռնցքամարտի WBA վարկածով աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեանի եւ մեքսիքացի Սուսանա Փերես-Քրուսի մենամարտը: Թեթեւագոյն կշիռքի դասակարգի  պայքարին մէջ   գերմանահայ բռնցքամարտիկ Սիւզի Կենտիկեան յաջողեցաւ պահել ախոյեանական գօտին: Մենամարտը բաղկացած էր 10 ռաունտէ: Ասիկա Կենտիկեանի 37-րդ մենամարտն էր եւ 35-րդ յաղթանակը: Վիք Դարչինեան` Յաղթական Արհեստավարժ բռնցքամարտի երկրորդ թեթեւագոյն կշիռքի...

Page 1177 of 1275 1 … 1,176 1,177 1,178 … 1,275

Արխիւներ