Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի Անտըրլեխթ – Մեքըլեն մրցումը թէեւ աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, սակայն Մեքըլենի բերդապահ Ժան – Ֆրանսուա Ժիէ եղաւ իր ակումբին եւ մրցումին աստղը, որովհետեւ ան մեծ վարպետութեամբ յաջողեցաւ զսպել Տենիս Փրաթի, Սթեֆանօ Օքաքայի եւ Եուրի Թիլեմանսի հարուածած երեք փենալթիները` յաջորդաբար 7-րդ, 14-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն:
36 տարեկան Ժիէ նախորդ ամրան Քաթանիայէն տեղափոխուեցաւ Մեքըլեն: