Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ «Սքայ Սփորթց» տեղեկացուց, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ ընտրուեցաւ Կալեսի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: 26 տարեկան Պէյլ 5-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պէյլ 8 մրցումի ընթացքին նշանակած է 6 կոլ, իսկ Ռէալ Մատրիտի հետ 48 մրցումի ընթացքին ան նշանակած է 17 կոլ: