ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թրաքայ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սուտուվայի:
Թրաքայի կազմէն հանդիպումին մասնակցեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան, որ 41-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ` արդիւնքը վերածելով 2-0-ի:
Արշակեան, որ 86-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ, այսպիսով նշանակեց իր 20-րդ կոլը` այս ախոյեանութեան գծով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թրաքայ այժմ 71 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` 2 կէտով միայն ետ մնալով Զալկիրիսէն: