Սիւզի Կենտիկեան 35-դ
Յաղթանակը Տօնեց
Շաբաթ գիշեր Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ բռնցքամարտի WBA վարկածով աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեանի եւ մեքսիքացի Սուսանա Փերես-Քրուսի մենամարտը:
Թեթեւագոյն կշիռքի դասակարգի պայքարին մէջ գերմանահայ բռնցքամարտիկ Սիւզի Կենտիկեան յաջողեցաւ պահել ախոյեանական գօտին: Մենամարտը բաղկացած էր 10 ռաունտէ:
Ասիկա Կենտիկեանի 37-րդ մենամարտն էր եւ 35-րդ յաղթանակը:
Վիք Դարչինեան` Յաղթական
Արհեստավարժ բռնցքամարտի երկրորդ թեթեւագոյն կշիռքի դասակարգին մէջ աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեան, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած մենամարտին նաք աութի ենթարկեց թայլանտցի Մոնկքոլչայ Լուքմուանկքանչը: Հայ բռնցքամարտիկը մրցումին ելքը վճռեց 2-րդ ռաունտին իսկ: