Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ իր ստացած ծանր վնասուածքէն ետք նախանցեալ օր կատարեց իր առաջին մրցումը:
37 տարեկան ամերիկացին նախորդ 21 յունուարէն ի վեր դուրս չէր եկած մրցադաշտ:
Ան Եութա Ճեզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր տարեշրջանի նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, դաշտ ներկայացաւ 12 վայրկեան` նշանակելով 5 կէտ: