TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական ներկայացուցիչը Մոտթապի Շարիֆի յայտնած է, որ երկրին աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն 8-ն իրականութեան մէջ տղամարդ են:
«Հաւաքականին 8 մարզիկները իրականութեան մէջ տղամարդ են, որոնք սեռափոխման վիրահատութեան ենթարկուած են», ըսած է ան:
Ան անոնց անունները չէ նշած, այլ բաւականացած է ըսելով, որ անոնցմէ մէկ քանին նախապէս հանդէս եկած է տղոց ֆութպոլի ախոյեանութենէն:
Իրանի մէջ սեռափոխման վիրահատութիւնները թոյլատրելի են 1979-էն ի վեր:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Իրանի ֆութպոլի պատասխանատուները այս յայտարարութենէն ետք կը ստուգեն ինչպէս աղջկանց ամբողջ հաւաքականին, այդպէս ալ ազգային ախոյեանութեան յառաջատար խաղացողներուն սեռային պատկանելիութիւնը: