Անգլիական շարք մը լրատուամիջոցներ տարածեցին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Պորուսիա Տորթմունտի նախկին մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ պիտի ըլլայ Լիվըրփուլի յաջորդ մարզիչը:
Ըստ անոնց, գերմանացին 3 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ անգլիական ակումբին հետ:
Միւս կողմէ, իտալացի յայտնի լրագրող Թանքրետի Փալմերի հաղորդեց, որ Քլոփ ոչ թէ կ՛ուզէ Լիվըրփուլի մարզիչը ըլլալ, այլ` Պայէրն Միւնիխի:
Կը խօսուի նաեւ երրորդ տարբերակի մը մասին, ըստ որուն, Քլոփ կրնայ Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը ըլլալ: