Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար այսօր` չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, հիւրը կ՛ըլլայ մարզական լրագրող Ղայեաս Տիպրայի, որ մարզական «Ինսայտ Կէյմ» յայտագիրը կը ներկայացնէ «Էլ. Պի. Սի.»-էն:
Ուղղակիօրէն պատկերասփռուող այս յայտագիրը կը սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Ֆետերասիոնին նախագահը պիտի անդրադառնայ լիբանանեան պասքեթպոլը յուզող հարցերուն, եւ ի մասնաւորի` Լիբանանի ազգային խումբին եւ օտարական մարզիկներուն: