
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցաւ Քրասնոտար – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Քրասնոտարի յաղթանակով (1-0):
Մրցումին միակ կոլը 2-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Փաւել Մամայեւ` այսպիսով պատճառ դառնալով, որ Տորթմունտ կրէ այս մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը:
Թէեւ Տորթմունտ նահանջեց 2-րդ դիրք, սակայն անոնք երկուքն ալ արդէն իսկ ապահոված են յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ:
Հայաստանի հաւաքականի եւ Պորուսիայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: