Նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին պատմութեան մէջ նշանակուեցաւ 7000-րդ կոլը, այդ ալ շնորհիւ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստ Անխել Տի Մարիայի, երբ ան Մալմոյի դէմ կատարուած մրցումին (5-0) նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը` 14-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ երբ կ՛ըսուի մրցաշարքին պատմութեան 7000-րդ կոլը, անոր մէջ նկատի չեն առնուած զտումի մրցաշարքին ընթացքին նշանակուած կոլերը: