Երէկ կէսօրին «Տունիա» ճաշարանին մէջ (Սոտիքօ) տեղի ունեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած տղոց պասքեթպոլի առաջին մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզահամալիրին մէջ, 28 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր:
Մրցաշարքին կը մասնակցին եօթը խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, հետեւեալ ձեւով.
Ա. խմբակ.- Պիպլոս, ՀՄԸՄ եւ Լուէյզի
Բ. խմբակ.- Սաժես, Թատամոն, Հուփս եւ Շանվիլ
Տեղի ունեցած այս վիճակաձգութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի ներկայացուցիչը` Մոհամետ Օուայտաթ, Շալհուպ ընտանիքէն անդամներ, Սաժեսի հրաժարեալ նախագահ Նատիմ Հաքիմ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ Քրիս Լիպարեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան (պասքեթպոլի յանձնախումբ), յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ երկուշաբթի, 30 նոյեմբերին, Պիպլոսի դէմ (ժամը 21:45-ին), իսկ երկրորդը` Լուէյզիի դէմ, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին (ժամը 17:45-ին):