Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի վերջին երկու ներկայացուցիչները` Ալեն Դանիէլեան (49 քկ) եւ Վահէ Բադալեան (52 քկ), տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով հասան կիսաւարտական հանգրուան եւ ապահովեցին առնուազն պրոնզ մետալներ:
Անոնք երկուքն ալ քառորդ աւարտականին յաղթեցին իրենց թուրք մրցակիցներուն, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Կիսաւարտականին Դանիէլեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանը ներկայացնող Ռուսլան Ռուսթամով, մինչ Բադալեանի մրցակիցը` Վլատ Կաւրիլիուչ (Մոլտովա):