Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ժըրոմ Պոաթենկ իր անունը արձանագրեց «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Արդարեւ, ան «Պունտըսլիկա»-ի գծով կատարեց անպարտելի մրցումներու շարք մը, որ բաղկացած է 56 մրցումէ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին, 3 նոյեմբեր 2012-էն 19 դեկտեմբեր 2014, ան պարտութիւն չկրեց իր ակումբին հետ:
Նշենք, որ նախապէս «Կինես»-ի մէջ, իր անունը արձանագրեց Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի` ամէնէն արագ հեթրիքի, փոքերի եւ Փենթա-թրիքի գծով: