Մակեդոնական Վարտար ակումբի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանին փոխանցման արժէքը բարձրացաւ:
25 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը 500 հազար եւրոյէն բարձրացաւ 750 հազար եւրոյի, կը յայտնէ «Թրանսֆըրմարքեթ» կայքը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Համբարձումեան այսպիսով դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ամէնէն սուղ յետսապահը, լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: