Ըստ սպանական մամուլին, Պարսելոնայի նախկին մարզիկ Փետրօ, որ այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Չելսիի, շատ հաւանաբար յառաջիկայ յունուարին, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերսկսին, իր կազմը լքելով միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտի:
Ինչպէս կը յայտնէ «Տոն Պալոն»-ը, Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու համար 28 տարեկան Փետրոն, որուն փոխանցումին համար Չելսի Պարսելոնային վճարեց 25 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ յառաջապահ Փետրօ այս տարեշրջանին Չելսիի հետ 17 մրցումի ընթացքին նշանակեց 2 կոլ: