Երէկուան մեր մարզական էջով լոյս տեսած` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ժողովին լուրին մէջ հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցումներուն յայտագիրը:
Ինչպէս նշուած էր, Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով Թատամոն Սուր – ՀՄԸՄ 10-րդ հանգրուանի մրցումը պիտի կատարուի շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Սակայն, Թատամոն Սուրի պատասխանատուները ֆետերասիոնին դիմելով խնդրեցին, որ նախապէս հրապարակուած յայտագիրին հիմամբ այս մրցումը տեղի ունենայ կիրակի, 20 դեկտեմբերին եւ ոչ թէ շաբաթ, 19 դեկտեմբերին:
Ֆետերասիոնը ընդառաջելով այդ խնդրանքին երէկ տեղեկացուց, որ այս մրցումը շաբաթ օրուան փոխարէն տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 20 դեկտեմբերին, նոյն վայրին մէջ եւ միեւնոյն ժամուն: