
Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Քարլօ Անճելոթթի դարձեալ աշխատանքի պիտի սկսի Պայէրն Միւնիխի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Մէյլ»:
Աղբիւրին համաձայն, միւնիխցիներուն այժմու մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա, հրաժարած է երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը:
Կուարտիոլայով մօտէն հետաքրքրուած կը թուին ըլլալ Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէն ետք Անճելոթթի ըսաւ, որ առողջական պատճառներով մէկ տարուան արձակուրդ առնելէ ետք, իր աշխատանքներուն պիտի սկսի յառաջիկայ ամառ:


