Պասքեթպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Մութթահետ Թրիփոլիի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը` նոր տարեշրջանին նախօրեակին այժմէն իսկ զօրավիգ կանգնելու համար խումբին: