Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան ճանչցուեցաւ Հայաստանի ամէնէն ազնիւ (Best play True Athlete) մարզիկը, այս մասին տեղեկացուց, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանը, 2015-ին Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն կարգին ամէնէն շատ խթանիչ դեղերու գործածութեան քննութիւններու ենթարկուած է. իւրաքանչիւր 40 օրը 1 անգամ:
Թեկնածուներուն կարգին եղած են նաեւ ծանրաբարձ Տիգրան Մարտիրոսեան եւ ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան: Սակայն Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին յատուկ յանձնախումբը 2015-ի ամէնէն ազնիւ մարզիկը ճանչցած է Ալեքսանեանը:
Անոր պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի մէջ:
Լուրը փոխանցող ArmSport.am կայքը եզրափակեց նշելով, որ Ալեքսանեանը պարգեւատրեց արեւելեան Եւրոպայի հակախթանիչ դեղերու գործածութեան կազմակերպութեան նախագահ Արեգ Յովհաննիսեան: