Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-ֆըրն Շըպպեք ակումբին, կիրակի, 20 դեկտեմբերին, անոր վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան:
Մրցաշարքը, որ կը սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կ՛ընդգրկէ 7 հանգրուան, իւրաքանչիւրը` 15 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ 250 հազար լիբանանեան ոսկի, ապա անոր ետին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները յաջորդաբար կը ստանան 150 եւ 100 հազար լիբանանեան ոսկի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահն է Էլի Խէյրալլա, փոխնախագահը` Ժաք Պետրոսեան: Միջազգային իրաւարարն է Էլիաս Ապու Ժաուտէ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 19 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 19:00:
Կապ հաստատելու եւ անուններ արձանագրելու համար պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ թիւին. 03-646013:


