Ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի հրապարակած լուրին, երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Չելսի յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր փորթուգալցի մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիոն:
Այս տարեշրջանին Չելսի 16 մրցումի ընթացքին ապահովեց միայն 15 կէտ` կրելով 9 պարտութիւն:
Մորինիոյի յաջորդին մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի: