Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ որ իր դաշտին վրայ աւելի քան 80 հազար համակիրներու ներկայութեան հիւրընկալեց Հանովըր-96-ը, նուազագոյն հաշիւով յաղթեց իր հիւրին:
Այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` 57-րդ վայրկեանին:
Ան գնդակը ստանալով դաշտին կեդրոնէն, ուղղուեցաւ դէպի մրցակիցին մեծ քառակուսին եւ սքանչելի զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց իր կազմին ու մրցումին միակ կոլը:
Մխիթարեան, որ 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 34 մրցում (բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին), դարձած 18 կոլի եւ 20 կոլի փոխանցման հեղինակ:
Այսպիսով, Տորթմունտ, որ արձանագրեց տարեշրջանի իր 15-րդ յաղթանակը, ապահովեց տարեշրջանի իր 48-րդ կէտը: