
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Ռասըլ Ուեսթպրուք տիրացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ-Սթար»-ի լաւագոյն մարզիկի մրցանակին, երբ երէկ Արեւմտեան շրջանը 196-173 արդիւնքով յաղթեց Արեւելեանին:
Այս արդիւնքը նոր մրցանիշ մը եղաւ «Օլ-Սթար»-ի մրցումներուն ընթացքին:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 40-43, 52-47, 53-46 եւ 51-37:
Նշենք, որ այս մրցումը Լոս Անճելըս Լէյքըրզի յառաջապահին` Քոպի Պրայընթի համար եղաւ «Օլ-Սթար»-ի վերջին մրցումը: Ան 18-րդ անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ անոր:
Ուեսթպրուք (Օքլահոմա Սիթի), որ նախորդ տարի նշանակած էր 41 կէտ, երբ Արեւմտեան շրջանը յաղթած էր 163-158 արդիւնքով, երէկ բաւականացաւ 31 կէտով, 8 ռիպաունտով եւ 6 էսիսթով:
Թէեւ Ինտիանա Փէյսըրզի յառաջապահ Փոլ Ճորճ նշանակեց 41 կէտ (ներառեալ` 9 թրի փոյնթեր), սակայն իր կարգին չյաջողեցաւ կոտրել Ուիլթ Չէյմպըրլէյնի «Օլ-Սթար»-ի մրցանիշը (42 կէտ):