Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքը 2 ապրիլին իր հրապարակելիք պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի հարաւային թրիպիւնը պիտի անուանակոչէ ակումբին անուանի ֆութպոլիստներէն Պոպի Չարլթընի անունով:
Այդ անուանակոչումը տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ թուականին` նկատի ունենալով, որ ճիշդ 60 տարի առաջ Պոպի Չարլթըն իր նորամուտը նշած էր Եունայթըտի հետ:
Նշենք, որ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի հարաւային թրիպիւնը մարզադաշտին միակ պահպանուած բաժինն է 1910-էն ի վեր: