Շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ին, Լիլըհեմըրի մէջ (Նորվեկիա) ազդանշանը տրուեցաւ Պատանեկան ձմեռնային երկրորդ ողիմպիական խաղերուն:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ իր ողջոյնի խօսքով շնորհաւորելով բոլոր մարզիկները` մարզական նման միջոցառումի մասնակից ըլլալնուն համար, անոնց յաջողութիւն մաղթեց յաջորդ 10 օրերուն ընթացքին տեղի ունենալիք մրցումներուն գծով:
Ան աւելցուց, որ այս խաղերը մետալներ ձեռք ձգելէ բացի սքանչելի առիթներ է բոլորին` նոր ընկերներ եւ բարեկամներ գտնելու համար: