
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 15 փետրուարին, ՀՄԸՄ կը մրցի Շանվիլի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Երկու խումբերն ալ ցարդ կատարած են 8-ական մրցում: ՀՄԸՄ արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ Շանվիլ արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած 7 պարտութիւն:
Սակայն ասիկա չի նշանակեր թերագնահատել մրցակից խումբը, որովհետեւ կլոր գնդակի աշխարհին մէջ որեւէ խումբ որեւէ պահու կրնայ անակնկալ ստեղծել:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ ցարդ իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէ կրած:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ արձանագրելու վճռակամութեամբ դաշտ իջնել եւ ոչ մէկ ճիգ խնայել յաղթելու իրենց մրցակիցին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իրենց անպարտելիութիւնը շարունակելու համար:
Կասկած չկայ, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները մրցումին ազդանշանը տրուելէն բաւական առաջ, պիտի ուղղուին դաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ պիտի կանգնին իրենց խումբին կողքին:
Դարձի առաջին հանգրուանի բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 փետրուարին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Հուփսը:
Հիւրընկալ կազմը, որ 87-82 արդիւնքով յաղթեց (25-30, 42-42, 62-61 եւ 87-82) իր հիւրին, այսպիսով եկաւ կասեցնելու Հուփսի յառաջխաղացքը, որ վերջին վեց մրցումներուն ընթացքին մնացած էր անպարտելի:

Նշենք, որ Սաժես իր այս մրցումը կատարեց իր ամերիկացի նախկին մարզիկ Թերել Սթոկլինի հետ, որ միանալով կանաչներուն դաշտ ներկայացաւ 37′ 03″-ին եւ նշանակեց 27 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ (7 փորձերէ ետք): Անոր խմբակից Ռաթքօ Վարտա նշանակեց 23 կէտ, մինչ Օլեքսէյ Փեչերով` 16 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Հուփսի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, Անթուան Պարպուր նշանակեց 33 կէտ, մինչ Ալի Մըզհեր` 17 կէտ: Առաջինը նշանակեց 6 թրի փոյնթ (11 փորձերէ ետք), մինչ երկրորդը` 3 (7 փորձերէ ետք):
Նշենք, որ այլ մրցումի մը ընթացքին, երէկ Թատամոն 81-78 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետին` Թրիփոլիի մէջ: