Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը:
Երթին նման ՀՄԸՄ դարձեալ յաղթեց Շանվիլի` 89-81 արդիւնքով (26-28, 47-43, 65-64 եւ 89-81):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնաց 2-րդ դիրքին, մինչ Շանվիլ մնաց 9-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ:
Ասկէ բացի, ՀՄԸՄ իր դաշտին վրայ չորրորդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի եւ ատիկա` խմբային խաղարկութենէ բացի շնորհիւ իր համակիրներուն, որոնք դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ըլլալով անդադար քաջալերեցին իրենց խումբը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրները տիրական ներկայութիւն եղան եւ փաստեցին, որ օրինակելի համակիրներ են ու տէրերը իրենց խումբին եւ չեն թոյլատրեր, որ որեւէ այլ խումբ ՀՄԸՄ-ի դաշտէն յաղթական դուրս գայ:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ նշանակեց 10 թրի փոյնթ (24 փորձէ), մինչ Շանվիլ` 9-ը (28-էն):
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 21, մինչ Շանվիլինը` 14:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 41 ռիպաունտ, մինչ Շանվիլ` 27:
Ստորեւ` երէկուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը.
Նորվել Փել (40′ 00″, 10 կէտ, 14 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (28′ 23″, 7 կէտ, 6 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (30′ 47″, 26 կէտ, 4 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (37′ 41″, 18 կէտ, 2 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (20′ 48″, 10 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Պիլալ Թապպարա (2′ 18″, 2 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (6′ 18″, 3 կէտ, 1 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ) եւ Տուայն Ճեքսըն (33′ 41″, 15 կէտ, 7 ռիպաունտ):
Շանվիլէն Արթիւր Պենքս եւ Նիքոլոզ Ցիթիշվիլի նշանակեցին 21-ական կէտ, իսկ Սանի Սաքաքինի` 20 կէտ: