
Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, նախանցեալ օր կրեց իր առաջին պարտութիւնը Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայէն` 2-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կատարած նախորդ չորս մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր: