
Երէկ յետմիջօրէին լիբանանեան Սաժես Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տղոց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին 104-96 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նաժըմ Սահիլիի (Թունուզ), ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Սաժեսի այս յաղթանակը նկատուեցաւ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը արաբական պասքեթպոլի ախոյեանն էր:
Սաժեսի եւ մրցումին աստղը եղաւ Թերել Սթոկլին, որ նշանակեց 40 կէտ:
Աւարտականին Սաժես իր դէմ կ՛ունենայ Ահլին (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ժամը 4:30-ին: