«Պունտըսլիկա»-ի պատանեկան մրցաշարքի արեւմտեան գօտիի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պոխումի 19 տարեկանէն վար խումբը, 10-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտի իր հասակակիցներուն դէմ:
Մրցումին 6-րդ վայրկեանին իր կազմին 2-րդ կոլը նշանակեց Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի ֆութպոլիստ Հայկ Գալստեան: Այս կոլը առաջինն էր Հայկի համար` Պոխումի հետ:
Պոխումի 19 տարեկանէն վար խումբը այժմ 35 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտէն:
ArmSport.am այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Գալստեան այս ամսուան սկիզբը Հոֆընհայմէն տեղափոխուեցաւ Պոխում: