Ըստ ֆրանսական «Լ՛էքիփ» մարզական օրաթերթին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնական կարգավիճակը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին մէջ:
Վերջերս ի յայտ եկաւ, որ Ուլիս Երեւան տնտեսական նեղ կացութեան մատնուելով այսուհետեւ պիտի չշարունակէ իր ելոյթները ախոյեանութեան մէջ:
Ասիկա բնականաբար կը նշանակէ, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի շարունակուի 7 խումբով:
Սակայն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կանոնագիրին համաձայն, պէտք չէ, որ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն թիւը 8-էն վար ըլլայ, որպէսզի անիկա պաշտօնական նկատուի:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս իրավիճակէն դուրս գալու համար ելք մը կը փնտռէ, սակայն Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերը չեն համապատասխաներ բարձրագոյն դասակարգի չափանիշներուն: