
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումները տեղի ունեցան:
Սպանական Վալենսիա ակումբը այս մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցանիշ մը հաստատեց կոլ նշանակելու իմաստով` նկատի ունենալով, որ ցարդ որեւէ խումբ չէր յաջողած Ա. կիսախաղին չորս կոլէ աւելի նշանակել:
Մինչեւ մրցումին 35-րդ վայրկեանը Վալենսիա արդէն իսկ 5-0 արդիւնքով կը յառաջանար:
Յիշատակելի եղաւ նաեւ այն, որ այս մրցումին օրը Վալենսիայի մարզիչ Կերի Նեւիլ կը տօնէր իր ծննդեան 41-րդ տարեդարձը: