Շաբաթ, 20 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի տղոց միջազգային մրցաշարքը, երբ աւարտական մրցումին լիբանանեան Սաժես ակումբը 96-91 արդիւնքով յաղթելով Ահլիին (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), տիրացաւ տիտղոսին:
Յիշատակելի էր այն, որ Սաժեսի մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա ընտրուեցաւ իբրեւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիչը, անոր մարզիկներէն ուքրանացի Ալեքսէյ Փեչերով` մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը, իսկ Սաժեսի վերամիացած ամերիկացի Թերել Սթոկլին` լաւագոյն կոլսքորըրը:
Սաժես այս մրցաշարքի տիտղոսին առաջին անգամ ըլլալով տիրացած էր 14 տարի առաջ (2002-ին), երբ յաղթած էր սուրիական Ուահտէ խումբին: