Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am լրատուական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 85 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Անդրանիկ Կարապետեան (362 քկ): Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց աշխարհի նախկին ախոյեան եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան Տիգրան Մարտիրոսեան (360 քկ): Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սամուէլ Բաբակեան (320 քկ):