Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի ճատրակի յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար երկսեռ դասակարգերուն մէջ:
Դիւրացնելու համար կազմակերպիչ յանձնախումբին աշխատանքը եւ մրցաշարքը կանուխ աւարտելու համար` անոր մասնակցիլ փափաքողները պարտին այդտեղ ներկայ գտնուիլ առաւօտեան ժամը 9:30-ին:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկի:
Կէսօրուան դադարին մասնակցողները ճաշի հիւրը պիտի ըլլան ՀՄԸՄ Պէյրութի:
Արձանագրութիւններուն համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 70-961948 եւ 70-677955: